November 10, 2025

ՀԲԸՄ-Ը ԵՒ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄ ՎԱՀԷ ԿԱՊՐԱՇ ՄԻԱՍՆԱԲԱՐ ԿԸ ՆԱԽԱՁԵՌՆԵՆ ՀԱՅ-ԶՈՒԻՑԵՐԱԿԱՆ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԱԿԱՆ ԱԿԱԴԵՄԵԱՅԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒՄԻՆ՝ ՍԱՏԱՐԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԱԿԱՆ ՄԱՐԶԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ

  • Image
    Photo 2
    Ալին Քամաքեան, Ժան Փիէր Սէտէֆ, Վահէ Կապրաշ եւ Զօհրապ Մնացականեան, Հայ-Զուիցերական Հիւրընկալական Ակադեմիայի բացման հիւրասիրութեան:

ՀԲԸՄ-ը, Կեդրոնական Վարչութեան Անդամ Վահէ Կապրաշի գործընկերութեամբ, Կիւմրիի մէջ կը հիմնադրէ Հայ-Զուիցերական Հիւրընկալական Ակադեմիան (SAAH): Համաշխարհային համբաւ վայելող զուիցերական կրթական փորձառութեան օրինակով, այս նոր արհեստագիտական ուսուցողական եւ վարժողական կեդրոնի ծրագիրը մշակուած է Լոզանի Հիւրանոցային Դպրոցի (EHL) գործընկերութեամբ, եւ պաշտօնապէս արտօնագրուած է անոր Արհեստագիտական Կրթութեան եւ Վարժողական (VET) բաժնին կողմէ: Կրթութեան եւ տաղանդներու մշակումին ուղղուած այս ներդրումով, Հիւրընկալական Ակադեմիան կը նպատակադրէ զօրացնել Հայաստանի մրցակցային դիրքը, համաշխարհային հիւրընկալական մարզէն ներս:

Հիւրընկալական Ակադեմեայի ուսումնական ծրագիրը ներկայիս կ'ընդգրկէ խոհանոցային արուեստներու, ուտեստեղէնի եւ խմիչքի մատուցման եւ հիւրանոցային վարչագիտութեան վերաբերեալ արհեստագիտական նիւթեր: Ծրագրին կրնան մասնակցիլ 18 տարիքը աւարտած նոր դիմորդներ կամ անոնք որոնք կը փափաքին ասպարէզային փոփոխութիւն կատարել: Հիւրընկալական մարզէն ներս կազմակերպուած եւ բարձրորակ վարժողական այս ծրագիրը երեք տարբեր մակարդակի վկայականներ կը շնորհէ, հասնելով Արհեստավարժական Տիբլոմի, զորս կարելի է ձեռքբերել 12-18 ամիսներու ընթացքին: 

Image
Photo 3

Photo 3
Caption
Վահէ Կապրաշ իր եղբօր Տիգրան Կապրաշի, իր տիկնոջ եւ դստեր հետ, Հայ-Զուիցերական Հիւրընկալական Ակադեմիայի բացման արարողութեան ընթացքին խօսք կ'ուղղէ ներկաներուն:

Վահէ Կապրաշի խօսքերով՝ «Հայ-Զուիցերական Հիւրընկալական Ակադեմիայի մեկնարկը կրթական մարզէն ներս նոր մղոնաքար մը ըլլալէ աւելի՝ Հայաստանի կարողականութեան վերաբերեալ վստահութեան յայտարարութիւն մըն է: Մենք այսպիսով հայ տաղանդը կը կամրջենք զուիցերական բարձր որակի եւ մեր տեղական ձգտումները համաշխարհային չափանիշերու կը բարձրացնենք: Մեր առաքելութիւնն է երիտասարդութեան առիթներ ընձեռել՝ որպէսզի անոնք դրականօրէն տրամադրուած, մշակուած կարողութիւններով եւ կարգապահութեամբ, ոչ միայն ծառայեն, այլեւ առաջնորդներ ըլլան Հայաստանի մէջ եւ այլուր:»

Image
Photo 1

Photo 1
Caption
ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի Նախագահ Վազգէն Եագուպեան խօսք կ'առնէ Հայ-Զուիցերական Հիւրընկալական Ակադեմիայի բացման արարողութեան ընթացքին:

ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի Նախագահ Վազգէն Եագուպեան իր կարգին կը շեշտէր այս նախաձեռնութեան խոր կապակցութիւնը ՀԲԸՄ-ի համընդհանուր առաքելութեան: «ՀԲԸՄ-ը հպարտ կը զգայ որպէս համահիմնադիրը Կիւմրիի Հայ-Զուիցերական Հիւրընկալական Ակադեմիային: Այս ծրագիրը ամբողջովին կը համընկնի Միութեան համընդհանուր առաքելութեան հետ, որ ուղղուած է խթանելու Հայաստանի մարդկային ներուժը: ՀԲԸՄ-ը հարուստ աւանդ ունի որպէս հիմնարար կառոյցներու համահիմնադիր՝ ինչպէս Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանը, նաեւ ռազմավարական գործընկերութիւններու գործակից՝ ինչպէս ԹՈՒՄՈ-ն: Այս վերջին նախաձեռնութիւնը եւս կը լրացնէ կարեւոր բաց մը ուղղուած ըլլալով բարձրացնելու ծառայողական մարզի որակը երկրէն ներս,:»

Ակադեմիան կը գործէ Ափրիքօթ Հօթէլզ հիւրանոցներու շղթային մաս կազմողՀայաստանի լաւագոյն հիւրանոցներէն Կիւմրի Կրէնտ Հօթէլ-ի կառոյցէն ներս: Որդեգրուած է Լոզանի Հիւրանոցային Դպրոցի ծրագրային նախագիծը, որ հիւրանոցային մարզի զարգացման համար, գործնական եւ արհեստագիտական կարողութիւններով եւ գիտելիքներով կ'օժտէ աշխատողները: Ռազմավարական այս գործըկերութիւնը ինքնին լաւագոյնս կը գործադրէ աշխատանքի ընթացքին սորվելու փիլիսոփայութիւնը, վարժողական ծրագրի մասնամիցները, առաջին իսկ օրէն, բաձրորակ հիւրանոցային ամենօրեայ մթոլորտին հաղորդ դարձնելով:

Հայ-Զուիցերական Հիւրընկալական Ակադեամիայի ընդհանուր վարիչ Խաչիկ Յակոբեան կը նշէ թէ «Իւրաքանչիւր ուսանող որ մուտք կը գործէ մեր դռներէն ներս, օժտուած է հայ ասպնջականութիւնը իր իսկական բնոյթով աշխարհին ներկայացնելու կարողութեամբ: Հայկական ջերմութիւն եւ ընդգրկուն ընկալում: Մենք պատրաստ ենք որակային նոր չափանիշեր իրականացնելու հայ հիւրանոցային մարզէն ներս:»

Image
Photo 4

Photo 4
Caption
Հայ-Զուիցերական Հիւրասիրական Ակադեմիան կը գործէ Ափրիքօթ Հօթէլզ հիւրանոցներու շղթային մաս կազմող Հայաստանի լաւագոյն հիւրանոցներէն Կիւմրի Կրէնտ Հօթէլ-ի կառոյցէն ներս:

Հայ-Զուիցերական Հիւրընկալական Ակադեմեան պատրաստ է ընդունելու տարբեր տեսակի փորձառութիւն ունեցող անհատներ: Անիկա բաց է բոլորին: Տրամադրելի են մասնակի կամ լման կրթաթոշակներ: Կրնան դիմել երիտասարդներ որոնք վերադարձած են 2025-ի զինուորական ծառայութենէն, նաեւ Լեռնային Ղարաբաղէն տեղահանուածներ: 

Շէֆ Փաթրիք Օկարտ, Լոզանի Հիւրանոցային Դպրոցի Տնօրէնը, կը հաւատայ որ մարդուժի եւ արհեստագիտութեան ուղղուած ներդրումներով Հայաստան գործի աառիթներ եւ շրջանային կայուն եւ ընդգրկուն զարգացում կ'ապահովէ: «Հայ-Զուիցերական Հիւրընկալական Ակադեմիան այս տեսլականի ռազմավարական հենասիւներէն մին կը հանդիսանայ, իբր տնտեսական զարգացման սատարող կրթական նախաձեռնութիւն:»

Գործընկերներու Մասին

Հայ-Զուիցերական Հիւրընկալական Ակադեմիա (SAAH)

Հիմնուած 2025-ին, Վահէ Կապրաշի եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան կողմէ, Հայ-Զուիցերական Հիւրընկալական Ակադեմիան համաշխարհային որակով, զուիցերական բարձրորակ կրթական փորձառութեան օրինակով, հիւրանոցային գործնական ուսուցում կ'իրականացնէ պատշաճեցուած Հայաստանի ծառայողական եւ զբօսաշջային մարզին: www.saah-edu.com 

Լոզանի Հիւրանոցային Դպրոց (EHL)

Լոզանի Հիւրանոցային Դպրոցը, Հիւրընկալական եւ գործարարական ծրագրով, համաշխարհային յառաջատար ուսումնական հաստատութիւն մըն է որ համալսարաններ ունի Զուիցերիոյ եւ Սինկափուրի մէջ: Կրթական բարձրորակ ծրագրով եւ գործնական ուսուցման դրութեամբ, Լոզանի Հիւրանոցային Դպրոցը Հիւրընկալական եւ փորձարարական ասպարէզներու մէջ բազմակողմանի ձիրքերով օժտուած արհեստագէտներ կը պատրաստէ:  VET by EHL | Vocational Education & Training (VET) Licensing

 

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն (ՀԲԸՄ)

ՀԲԸՄ-ը աշխարհի մեծագոյն հայկական ոչ-շահամէտ կազմակերպութիւնն է, նուիրուած հայ կեանքերու բարելաւումին՝ կրթական, մշակութային, հասարակական-տնտեսական եւ մարդասիրական ծրագիրներով: Որպէս համահիմնադիրը եւ վարչական գործընկերը Հայ-Զուիցերական Հիւրընկալական Ակադեմիային, ՀԲԸՄ-ը կը շարունակէ Հայաստանի մէջ հիմնարար հաստատութիւններ ստեղծելու իր աւանդը: