ՀԲԸՄ-ի ԿԻԶԱԿԷՏ 2025 համաշխարհային գագաթնաժողովը որ Յուլիս 16-20-ին առաջին անգամ ըլլալով կը կայանար Հայաստանի մէջ, հանգրուանային կարեւոր նախընթաց մը հանդիսացաւ: Հնգօրեայ համագումարը 600 Երիտասարդ Արհեստավարժներ համախմբեց, 28 երկիրներէ, որոնց շարքին՝ Արժանթին, Պրազիլ, Գանատա, Չինաստան, Եգիպտոս, Ֆրանսա, Վրաստան, Գերմանիա, Ճաբոն, Լիբանան, Սպանիա եւ Միացեալ Նահանգներ:
ԿԻԶԱԿԷՏ-ի գլխաւոր նպատակն է հասարակաց հետաքրքրութիւննրու շուրջ համախմբել հայ երիտասարդ արհեստավարժներ: Երիտասարդ Արհեստավարժներու շարժումի Ընդհանուր Տնօրէն Քրիսթինա Լալամա-Նաբբի կը նշէ՝ «ԿԻԶԱԿԷՏ-ի գաղափարը կը զատորոշուի այն առումով, որ ան ծրագրուած ու կազմակերպուած է երիտասարդ արհեստավարժներու կողմէ: 2001-ին իր մեկնարկէն ի վեր, տեղական Երիտասարդ Արհեստավարժներու խումբ մը, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Գրասենեակին աջակցութեամբ, կը ստանձնէ անոր նախաձեռնութիւնը եւ կազմակերպումը համաշխարհային ծաւալով: Անիկա բացառիկ առիթ մըն է անոնց մօտ ինքնավստահութիւն եւ կազմակերպչական կարողութիւններ զարգացնելու, նաեւ ծրագիրներ մշակելու, որոնք կը ցոլացնեն իրենց զգայնութիւնները, մտահոգութիւնները եւ աշխարհիկ ձգտումները:»
Հետեւաբար, ԿԻԶԱԿԷՏ-ի իւրաքանչիւր գագաթնաժողով կը նպաստէ Երիտասարդ Արհեստավարժներու համընդհանուր շարժումի ուժեղացման: Մասնակիցներ հետզհետէ աճող թիւերով կը համախմբուին, վայելելու իրենց մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը եւ հպարտանալու իրենց ինքնութեամբ: Միաժամանակ, անոնք իրենց ճիգերու համադրումով նպատակդրուած հասութաբեր ձեռնարկներ կ'իրականացնեն: Այս տարի աւելի քան 180,000 ամերիկեան տոլարի գումար մը գոյացաւ ի նպաստ Կրթաթոշակներու Ծրագրին: ԿԻԶԱԿԷՏ 2025-ի գլխաւոր հովանաւորները՝ Ուիլիըմ եւ Քարօլին Նազարեան, Նիքըլըս Նազարեան, Հայաստանի մէջ գործող Ֆրիտըմ Պրոքըր Արմինիա, Զուլալ Ուայնզ, Բիքսար, ճարտարագիտական ընկերութիւններ՝ ՃօՊլօ, Ուան Բիլլօ, անձնական եւ հանրային մարզի կազմակերպութիւններ եւ Երիտասարդ Արհեստավարժներու խմբաւորումներ, իրենց նիւթական աջակցութեամբ կարելի դարձուցին բազնաբնոյթ ծրագիրներով հարուստ այս փայլուն նախաձեռնութեան իրականացումը:
Բազմաթիւ մասնակիցներ, որոնցմէ շատերը առաջին անգամ ըլլալով կ'այցելէին Հայաստան, առիթը ունեցան վայելելու Երեւանի ջերմ եւ կենսունակ մթնոլորտը, ծանօթանալու ՀԲԸՄ-ի բնորոշ նախաձեռնութիւններուն, հանդիպելու այդ ծրագիրներու մասնակիցներուն, բաժին բերելու ընկերային ծառայութեան աշխատանքերու, հետախուզելու քաղաքի մշակութային հարուստ շրջապատը, նաեւ տպաւորութիւններ փոխանակելու Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու կապակցութեամբ, Հայաստանի անկախութեան անցնող 35 տարիներու լոյսին տակ:
Առաջին օրը սկսաւ բարեգալուստի հաւաքոյթով, Հայաստանի ՀԲԸՄ-ի կեդրոնի շրջափակին մէջ, ուր ներկաները դիմաւորուեցան Միութեան Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ: Ներկայ էին Նախագահ Վազգէն Եագուպեան, Վարիչ Տնօրէն Մարինա Մխիթարեան եւ Հայաստանի երիտասարդ Արհեստավարժներու Խումբի Ատենապետ Հայկազ Նահապետեան: ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի գրասենեակի եւ Նիւ Եորքի Կեդրոնական գրասնեակի պաշտօնէութեան ինչպէս նաեւ կազմակերպիչ յանձնախումբի կամաւորներու համագործակցութեամբ, կարելի եղաւ ապահովել գագաթնաժողովի արտակարգ յաջողութիւնը:
Նախագահ Վազգէն Եագուպեան իր խօսքին մէջ արտայայտելով հաւաքոյթի ջերմ մթնոլորտը բնորոշող ոգին, բարեգալուստ մաղթեց ներկաներուն իրենց հայրենիքին մէջ, յորդորելով որ անոնք սերտ կապեր մշակեն: «Ձեր այստեղ կեցութեան ընթացքին, մինչ կ'ըմբոշխնէք բծախնդրութեամբ ծրագրուած հնգօրեայ ճոխ յայտագիրը, նոր բարեկամութիւններ հաստատեցէք, խորհրդակցեցէք ձեզի գործակից Երիտասարդ Արհեստավարժներու հետ ծրագիրներու շուրջ, որոնք կրնան զօրացնել մեր երկիրը: Որովհետեւ պատմական խոր արմատներ ունեցող եւ մեր ինքնութեան խարիսխը հանդիսացող հայրենիքով կը զօրանան Սփիւռքը եւ մեր ազգը՝ որով բոլորս կը հպարտանանք: Միասնաբար կերտենք մեր պատմութիւնը, արիութեամբ եւ ստեղծարար ոգիով, որովհետեւ Միութիւնը Զօրութիւն է:»
Ընդունելութեան յայտագրին մաս կազմեցին ՀԲԸՄ-ի Հայորդեայց Տան պատանիները ժողովրդային պարերով, որմէ ետք ներկաներէն ոմանք մասնակցեցան հայկական պարերու դասընթացքի մը, մինչ ուրիշներ շրջայցեր կատարեցին Երեւանի տեսարժան վայրեր, ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարան, Գեղարուեստի Ցուցասրահ, եւ Ժամացոյցի Գործարան, ուր պաստարային տպագրութեան ցուցադրութիւն մը ներկայացուեցաւ անոնց: Հայաստանի Ազգային Ակադեմական Թատրոնի եւ Օփերայի տանիքէն անոնք ականատես եղան Երեւանի տպաւորիչ համայնապատկերին, այցելելով նաեւ Պատմութեան Թանգարան, Հայաստանի Ազգային Ցուցասրահ եւ Երեւանի քաղաքապետարան, ուր անոնք հիւրընկալուեցան Քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանի կողմէ:
Երիտասարդ Արհեստավարժներու Գործադիր Մարմինի հանդիպումը 60 մասնակիցներով, տեղի ունեցաւ Էջմիածին, Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան Մատենադարանի սրահին մէջ: Ժողովը կեդրոնացաւ Երիտասարդ Արհեստավարժներու գործունէութիւնը, վարչական թէ գաղափարական առումներով, աւելի արդիւնաւոր եւ ներառական դարձնելու նիւթին վրայ, միաժամանակ Երիտասարդ Արհեստավարժներու խումբերուն եւ իրենց համայնքներուն միջեւ յարաբերութիւնները աշխուժացնելու ուղղութեամբ:
Ժողովին յաջորդեց յատուկ լսարան մը Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Գերագոյն Պատրիարք եւ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց Վեհափառ Տէր, Ընկերակցութեամբ Նաթան Արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեանի եւ Միութեան Հայաստանի Նախագահ Վազգէն Եագուպեանի: Վեհափառը իր խորհրդածութիւնները փոխանցեց ՀԲԸՄ-ի եւ Եկեղեցւոյ միջեւ սերտ յարաբերութիւններուն եւ Միութեան կողմէ Մայր Աթոռին եւ Սփիւռքին ցուցաբերուած նշանակելի զօրակցութեան շուրջ: Ան նաեւ յոյս յատնեց, որ հայրենիք այցելութիւնները երիտասարդներուն մօտ զօրացնեն հոգեւոր արժէքներու եւ ազգային աւանդութիւններու նկատմամբ գիտակցութիւնը եւ ՀԲԸՄ-ի առաջնորդներու եւ վարչականերու օրինակով՝ զանոնք մղեն աշխատանքներու որոնք կը հզօրացնեն հայրենի պետութիւնը եւ պետականութիւնը: Վեհափառը նաեւ պատասխանեց հարցումներու, որոնք կը վերաբերէին եկեղեցւոյ կեանքէն ներս երիտասարդներու դերին, հոգեւորականներու պատրաստութեան եւ հայրենիքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:
Ասոր զուգահեռ, ԿԻԶԱԿԷՏ-ի 150 մասնակիցներ շրջայց մը կատարեցին Էջմիածինի մէջ, ծանօթանալով ազգային հոգեւոր գանձերու, ինչպէս Էջմիածինի Մայր Տաճարը, 125-րդ Կաթողիկոս Մկրտիչ Ա. Խրիմեանի եւ Պարոյր Սեւակի թանգարանները, վերանորոգ Հին Վեհարանը եւ Ալէքս եւ Մարի Մանուկեան Գանձատուն-Թանգարանը:
Որպէս ԿԻԶԱԿԷՏ-ի յայտագրի մեկնարկ, Տեսադաշտեր (Perspectives) համաժողովին մասնակցող միջազգային մասնագէտներ, անդրադարձան «Երկու Աշխարհներու Միջեւ – Տեսադաշտերու Կամրջում եւ Ապագայի Ձեւաւորում» խորագրով ընդհանուր քննարկումներուն: համաժողովը կայացաւ Երեւանի Կոմիտասի պատմական թանգարանի սրահին մէջ: Կը մասնակցէին՝ Քրիստինա Այանեան, NASDAQ-Ի յարաբերութեանց առաջնորդ (Նիւ Եորք, ԱՄՆ), Պարսելոնայի (Սպանիա) Երիտասարդ Արհեստավարժներու Ատենապետ Լեւոն Գրիգորեան (Banking and Finance Partner at Crowe), Եգիպտագէտ Արթօ Պըլըքտանեան (Գահիրէ, Եգիպտոս) եւ Նիւ Եորք ապրող յայտնի դիմանկարիչ Տիգրան Ցիթողծեան: համաժողովը կը վարէր՝ հաղորդակցութեանց մասնագէտ Ալէքսանտր Փլէյթօ Յակոբեան (Երեւան): Մասնակիցները քննարկեցին հայկական ինքնութեան զարգացող ըմբռնումները, քաղաքացիութեան եւ հայկական համայնքային պատկանելութեան միջեւ խուսանաւումը, Հայրենիքին դրապէս սատարելու սահմանումները, ինչպէս նաեւ տարբեր համայնքներու կարողականութիւնը Հայաստանի ի նպաստ կայուն ներդրումի վերածելու կարելիութիւնները:
Համաժողովի խօսակցութիւնները շարունակուեցան Թանգարանի գեղատեսիլ այգիին մէջ, ուր ներկաները ըմբոշխնեցին «Զուլալ Գինիներ»ու կողմէ տրամադրուած գինիի տեսականին: Մասնակիցները նաեւ վայելեցին պարային կատարողութիւն մը ART ALIVE-ի կողմէ, որ կեանքի կը կոչէ հայ ժողովրդական արուեստագէտ Մինաս Աւետիսեանի եւ ֆրանսահայ արուեստագէտ Գարզուի գեղանկարչական գործերը:
Մասնակիցները նախ ծանօթացան Հայաստանի մէջ ՀԲԸՄ-ի կողմէ իրագործուած նախաձեռնութիւններուն եւ անոնց բարերար դերին: Ապա անոնք առիթը ունեցան տեսնելու այդ ներդրումներու արդիւնքը՝ Մարիօթ Պանդոկէն ներս կայացած ՀԲԸՄ-ի Խորհրդատուական Ծառայութիւններու Ցուցահանդէսի ընթացքին, հանդիպելով այդ ծառայութիւններու շահառուներուն եւ ականատես ըլլալով անոնց տրամադրուած աջակցութեան, աշխարհի տարբեր կողմերէն իրենց փորձառութիւնը բաժնող մասնագէտներու միջոցաւ: Այդ ծրագիրներու շարքին էին ՀԲԸՄ-ի Կին Գործարարներու (Women Entrepreneurs), Կին Ծրագրաւորողներու (Women Coders) եւ Սորվիր Վաստկելու Համար Արցախ (Learn to Earn Artsakh – LEAP) նախաձեռնութիւնները, ՀԲԸՄ-ի Խորհրդատուներու մասնակցութեամբ: Կարծիքներու փոխանակումները եւ քննարկումները որոնք յաջորդեցին ձեռնարկին, գործնական հայեցողութիւն ձեռք բերելու, գործարարական նոր գաղափարներու ծանօթանալու եւ գործակցական յարաբերութիւններ մշակելու արժէքաւոր առիթ ընձեռեցին մասնակիցներուն, յատկապէս ռազմավարական ծրագրումի, թուայնական նորարարութեան եւ Արուեստական Բանականութեան ասպարէզներու մէջ:
Ծրագրի շահառուներէն մին որ Հայաստան հաստատուած էր, նշեց՝ «Մենք խորապէս տաւորուած ենք տեսնելով անձիք, որոնք իրենց ասպարէզները կառուցած են Սփիւռքի մէջ, եկած են հոս բաժնելու իրենց արհեստավարժութիւնը եւ գիտութիւնը: Խորապէս ներշնչող է տեսնել թէ ինչպէս ՀԲԸՄ-ը նման առիթներ կ'ընձեռէ իր ծրագիրներու շահառուներուն:
Յաջորդ հանգրուանը այցելութիւն մըն էր Մալաթիա թաղամասի վերանորոգուած Հայորդեայց Տան, որ ՀԲԸՄ-ի դաստիարակչական կեդրոններէն մին է: Այցելուները միասին բերած էին 200 Երիտասարդ Արհեստավարժներու կողմէ պատրաստուած առողջապահական իրերու 300 ծրարներ եւ 500 դպրոցական պայուսակներ գրենական անհրաժեշտ պիտոյքներով՝ Արցախի աշակերտներուն համար: Անոնք նաեւ կեդրոնի շրջակայքը 720 ծառեր տնկեցին: Ծառատունկերը տրամադրուած էին Հայաստանի Ծառի Ծրագրին կողմէ: Աւելի քան 25 տարիներէ ի վեր, ՀԲԸՄ-ի եւ Էջմիածինի համագործակցութեամբ այս կեդրոնները՝ Նորք, Մալաթիա եւ Արաբկիր թաղամասերուն մէջ, դպրոցական ժամերէն ետք արուեստի դասընթացքներ կ'ապահովեն տարեկան շուրջ 1700 պատանիներու:
Երեւանի մշակութային հարուստ կեանքի բազմապիսի դրսեւորումները աննախընթաց վայելքի պահեր ապահովեցին Երիտասարդ Արհեստավարժներու Գագաթնաժողովի մասնակիցներուն: Այցելութիւններու շարքը կը սկսէր Մատենադարանի Հին Ձեռագիրներու Ուսումնասիրութիւններու Կեդրոնէն, որ երկար ատենէ ի վեր կը վայելէ ՀԲԸՄ-ի աջակցութիւնը: Այցելութեան ընթացքին անոնք շրջեցան Մատենադարանի տարբեր բաժինները եւ ծանօթացան մագաղաթներու պահպանումի եւ նորոգութեան, ինչպէս նաեւ միջնադարան մանրանկարչութեան մէջ օգտագործուած հռչակաւոր Որթան Կարմիր ներկի պատրաստութեան աշխատանքներուն:
Մշակութային փորձառութիւներու շարքին մաս կը կազմէին՝ Կերոն եւ Հոսք Զարգացման Հիմնարկները, երիտասարդ արուեստագէտներու եւ նախագծողներու ԹՈՒՄՕ ստեղծագործական ճարտարարուեստներու աշխատանոցները, Արտիէըն Տիզայնզ, որ հայ աւանդական մոթիֆներու արդիական վերարտադրութեան կեդրոն մըն է, եւ ի վերջոյ՝ Մէլոնբէն Փուռ-Խանութը, որ հայկական աւանդական խմորեղէններ կը հրամցնէ ճաբոնական քաղցրահացի պատրաստութեան հետեւողութեամբ: Հիւրերը աւելի ուշ ներկայ գտնուեցան լիբանանահայ արուետագէտ Սարին Սէմէրճեանի պարի ելոյթին, Միքայէլ Ոսկանեանի հայկական Թարի մենակատարութեան ընկերակցութեամբ:
ԿԻԶԱԿԷՏ 2025-ի եզրափակիչ գագաթնակէտը տեղի ունեցաւ Դուին Երաժշտասրահին մէջ, 525 հիւրերու մասնակցութեամբ: ԿԻԶԱԿԷՏ ԿԱԼԱ-ի հանդիսավար Լիա Եղոյանցի ղեկավարութեամբ ստեղծուած գերաշխոյժ մթնոլորտին մէջ, ոգեշնչող ելոյթներ ունեցան Նախագահ Սէմ Սիմոնեան, ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Քամիլիօ Ազզուզ եւ Երեւանի Երիտասարդ Արհեստավարժներու ատենապետ Հայկազ Նահապետեան եւ ՀԲԸՄ-ի կրթաթոշակառու Յովսէփ Պատուականեան:
Անդրադառնալով ապագայ երիտասարդ առաջնորդներու պատրաստութեան ուղղութեամբ ԿԻԶԱԿԷՏ-ի գագաթնաժողովներու դրական ազդեցութեան, Նախագահ Սէմ Սիմոնեան, որ շրջանավարտ է ՀԲԸՄ-ի դպրոցներէն եւ կրթաթոշակառու, խօսեցաւ ընդհանրապէս Միութեան աշխարհատրած ազդեցութեան մասին: «Մենք բոլորս հպարտ ենք մեր ինքնութեան պահպանումին ուղղութեամբ ՀԲԸՄ-ի շրջանակներու կատարած հսկայածաւալ աշխատանքով: Մենք բոլորս ապրող փաստն ենք այդ տեսիլքին...Եկէք այս գիշեր տօնախմբենք Միութեան իրականացուցած վիթխարի դերակատարութիւնը Հայաստանի մէջ՝ մարդասիրական, կրթական, մշակութային եւ տնտեսական-հասարակական զարգացման ուղղութիւններով, շրջանային նախագահ եւ մեր սիրելի բարեկամ Վազգէն Եագուպեանի առաջնորդութեամբ: Մեր Միութեան համայնական կառոյցը, ապաքաղաքական կողմնորոշումը եւ ֆինանսական թափանցիկութիւնը, մեր հզօրութեան բաղկացուցիչները եղած են 1906-էն իվեր:»
Երիտասարդ Արհեստավարժներու Երեւանի Ատենապետ Հայկազ Նահապետեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք բաժին բերած էին ԿԻԶԱԿԷՏ 2025-ի յաջողութեան, Կազմակերպիչ Յանձնախուբին, Կեդրոնական եւ Հայաստանի գրասենեակներու պաշտօնէութեան եւ մասնակիցներուն, որոնք եկած էին երկար ճամբորդութիւններ կատարելով: «Ասիկա պարզապէս շքահանդէսի երեկոյ մը չէ, այլ յայտարարութիւն մը՝ որ մեր հայրենիքը մեր հայ իրկանութեան կորիզն է:» ըսաւ ան: «Երեւանի Երիտասարդ Արհեստավարժներու Խումբը ինչպէս հին եւ նոր բոլոր խումբերը աշխարհի տարածքին, տարիներու ընթացքին ընդարձակած է արհեստավարժներու իր ցանցը: Մեր ձգտումն է կարելի ամէն առիթով հզօրացնել այս ցանցը եկող տարիներուն...»
«Տարօնցիներ» պարախումբը աշխուժացուց երեկոն ժողովրդային կատարողութիւններով, հրաւիրելով նաեւ մասնակիցները մաս կազմելու պարային ելոյթներուն: Երեկոն շարունակուեցաւ Տհը Ուէյ Էնտ Րիլէքս նուագախումբի ժողովրդային գործիքներու եւ արդիական եղանակներու համադրումով ստեղծած խանդավառ մթնոլորտով, որուն ընթացքին բարեկամական ջերմ կապերը շարունակեցին ամրապնդուիլ պահի ստեղծած անմոռանալի տպաւորութիւններով:
ԿԻԶԱԿԷՏ 2025-ը 12-րդն է երկամեայ գագաթնաժողովներու շարքին, որոնք իրականացած են անցնող տարիներուն տարբեր քաղաքներու մէջ, Նիւ Եորք (2001, 2007), Մայէմի (2005), Շիքակօ (2009), Փարիզ (2011), Սան Ֆրանսիսքօ (2013), Թօրօնթօ (2015), Պէյրութ (2017), Սան Փաուլօ (2019), Մատրիտ (2023): Յաջորդ գագաթնաժողովը տեղի պիտի ունենայ 2027-ին, վայրը պիտի որոշուի յետագային:
Լուսանկարներու համար այցելել ՝ https://agbu.org/focus-2025-gallery.