
Image

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովի 13 Հոկտեմբեր 2024-ի նիստին որոշուած դիւանի նորընտիր անդամներն են՝ Սէմ Սիմոնեան, Նախագահ, Արտա Յարութիւնեան եւ Երուանդ Զօրեան Փոխ-Նախագահներ, Անի Մանուկեան Ատենադպիր եւ Նազարէթ Ֆըսթըգճեան, Գանձապահ:
Միութեան Ընդհանուր Ժողովը, որ կայացաւ 12 Հոկտեմբեր 2024-ին, վաւերացուց Պերճ Սեդրակեանի նշանակումը որպէս Պատուոյ Նախագահ: Ան այժմ պիտի միանայ Հոգաբարձուներու Խորհուրդին: Նոյնպէս, նախկին Փոխ-Նախագահ Ժոզէֆ Ուղուրլեան եւ նորանշանակ անդամ Էլի Աքըլեան պիտի միանան Խորհուրդի կազմին: Էլի Աքըլեան հիմնադիրն է Kingsisle Entertainment ընկերութեան եւ համա-հիմնադիրը՝ Inet Technologies, Inc. ընկերութեան ուր ան գործած է որպէս Նախագահ եւ Գլխաւոր Գործադիր Տնօրէն 1999 Ապրիլէն մինչեւ 2004 Սեպտեմբեր: Աքըլեան վկայուած է ելէքտրագիտութեան Պսակաւոր Գիտութեան տիտղոսով, Արլինքթըն Թէքսասի Համալսարանէն: Սէմ Սիմոնեան նաեւ Ի Պաշտօնէ անդամ է Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հոգաբարձուներու Խորհուրդին:
Կեդրոնական Վարչական Ժողովի հետեւեալ անդամները վերընտրուեցան չորս տարուան շրջանի մը համար: Էրիք Իսրայէլեան, Նազարէթ Ֆըսթըգճեան (ԱՄՆ), Վահէ Կապրաշ (Զուիցերիա), Նատիա Գործունեան (Ֆրանսա), Արտա Յարութիւնեան (ԱՄՆ), Եղիշէ Մանուկեան (ԱՄՆ), Լեւոն Նազարեան (ԱՄՆ), Երուանդ Զօրեան (ԱՄՆ), եւ Վազգէն Եագուպեան (Հայաստան):
Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչական Ժողովը կը բաղկանայ հետեւեալ անդամներէն, որոնց մէկ երրորդը, ըստ Ծրագիր-Կանոնագրի, ոչ-ամերիկահպատակներ են: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն՝ Հայկ Արիեան, Երուանդ Տէմիրճեան, Էրիք Իսրայէլեան, Նազարէթ Ֆըսթըգճեան, Արտա Յարութիւնեան, Սարգիս Ճէպէճեան, Արի Լիպարիտեան, Անի Մանուկեան, Եղիշէ Մանուկեան, Լօրի Մունչէրեան, Լեւոն Նազարեան, Սէմ Սիմոնեան եւ Երուանդ Զօրեան: Հայաստանէն՝ Վազգէն Եագուպեան: Գանատայէն՝ Լենա Սարգիսեան: Եւրոպայէն՝ Նատիա Գործունեան (Ֆրանսա), Վահէ Կապրաշ եւ Վարդգէս Քնաճեան (Զուիցերիա), Արնօ Ադամեան եւ Քամիլիօ Ազզուզ (Միացեալ Թագաւորութիւն):
Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հոգաբարձական Խորհուրդի Անդամներն են՝ Ատենապետ Վաչէ Մանուկեան եւ անդամներ՝ Էլի Աքըլեան, Էրիք Իսրայէլեան, Ժոզէֆ Ուղուրլեան, Արմէն Սարգիսեան, Պերճ Սեդրակեան եւ Սինան Սինանեան:
Վարչական Ժողովի անդամներու կենսագրական ծանօթութիւններու եւ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել https://agbu.org/leadership կայքէջը:
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (Հ.Բ.Ը.Մ.) աշխարհի մեծագոյն ոչ-շահամէտ հայկական կազմակերպութիւնն է, նուիրուած հայեցի ինքնութեան եւ ժառանգութեան պահպանումին եւ մշակումին՝ կրթական, մշակութային եւ մարդասիրական ծրագիրներով: Միութեան գործունէութիւնները բարերար ազդեցութիւն կը բերեն տարեկան 500,000-է աւելի անձերու կեանքերէն ներս, Հայաստանի ու Արցախի մէջ եւ Սփիւռքի տարածքին: Իր հիմնադրութենէն ի վեր, Հ.Բ.Ը.Մ.ը հաւատարիմ մնացած է համայն հայութեան բարօրութեան ապահովումին ուղղուած իր գլխաւոր առաքելութեան: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ այցելեցէք www.agbu.org կայքէջը:
Յաւելեալ Տեղեկութեանց համար - Կապ
AGBU Press Office
55 East 59th Street
New York, NY 10022-1112
Phone: 212.319.6383
Email: communications@agbu.org