October 12, 2024
A- A+
read

Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի Հրաժեշտի Ելոյթը Հ.Բ.Ը.Մ.ի 93-րդ Ընդհանուր Ժողովին

Այսօր ձեր բոլորին հետ գտնուիլս, խորագոյն գոհունակութիւն կը պատճառէ ինծի:  Միութեան երկամեայ Ընդհանուր Ժողովը, որ կը համախմբէ անդամակցութիւնը, առիթ կ'ընձեռէ Կեդրոնական Վարչութեան, ամփոփելու անցնող երկու տարիներու իրագործումները, արժեւորելու կազմակերպութեան իրավիճակը եւ ծրագրելու անոր ապագայ գործընթացը:

Անդամակցութեան եւ հանրութեան հաշուետու ըլլալու սկզբունքը, Հ.Բ.Ը.Մ.ի գործելակերպին հիմքը կը կազմէ:  Շնորհիւ այդ վստահութեան, Հ.Բ.Ը.Մ.ը բարձրաճակատ կը կանգնի այսօր, տարեկան 50 միլիոն ամերիկեան տոլար իր համընդհանուր պիւտճէով եւ շուրջ մէկ միլիառ արժողութեամբ իր ինչքով:  Մեր վարչական ժողովը նախանձախնդրութեամբ կը վերաբերի մեր ելեւմուտքին, յայտագիրներուն եւ ծրագիրներուն, վստահ ըլլալու համար որ մեր ներդրումները կը կատարենք պատախանատուութեամբ եւ ի հարկին չենք վարանիր փայլուն ապագայի ուղղուած  համարձակ որոշումներ առնել: 

Նախագահութեանս անցնող 22 տարիներու ընթացքին, Կեդրոնական Վարչութիւնը, հետեւելով իր նախորդներու աւանդութեան, շարունակաբար ձեզի ներկայացուցած է ելեւմտական թափանցիկ եւ յստակ հաշուետուութիւն մը: 

Երբ կը խորհրդածեմ մեր վեհ կազմակերպութեան մասին, պէտք է նշեմ, որ աւելի քան դար մը շարունակ, յաջողած ենք Միութեան շուրջ համախմբել նուիրեալ առաջնորդնրու փաղանք մը, աշխարհի բոլոր ծագերուն:  Անձիք, որոնք ինքնին յաջողած անհատներ ըլլալով, չեն մոռցած իրենց արմատները եւ իրենց նուիրումով, փոխ-յատուցանելու տրամադրութեամբ կը ծառայեն իրենց համայնքներուն:  Հայկականութեան այս զգացողութիւնն է որ իւրայատուկ կը դարձնէ մեր ժողովուրդը: 

Հ.Բ.Ը.Մ.ի պարագային, մենք ընդգրկուն վերաբերում կը ցուցաբերենք եւ բաց ենք անխտիր բոլոր անոնց համար որոնք կը փափաքին իրենց մասնակցութիւնը բերել կամ առաջնորդ դերեր վերցնել իրենց տեղական համայնքերէն ներս, այնքան ատեն որ անոնք կը յարին Միութեան արժէքներուն եւ առաքելութեան, ոչ միայն անոնց համար, որոնք աւանդական հասկացողութեամբ հայեր են:  Այդ պատճառով, այսօր մեր անդամներու աշխարհատարած ցանցը կը տարածուի մինչեւ հարաւային Քորէա եւ Աւստրալիա:  33 երկիրներ եւ 72 քաղաքներ, տակաւին չհաշուած համացանցային եւ թուայնական միջոցներու հասողութիւնը 50,000 հայերու՝ 98 երկիրներու մէջ:  Այս բոլորին մաս կը կազմեն մեծ թիւով նոր դէմքեր եւ Երիտասարդ Արհեստավարժներ, որոնք պատրաստ են բարեկամութիւններ մշակելու եւ միասնաբար գործելու:  Անցնող տարիներուն ծաւալ ստացած Երիտասրդ Արհեստավարժերու շարժումը, մեր հպարտառիթ ձեռքբերումներէն մին կը հանդիսանայ:  Ես խոր վստահութիւն ունիմ անոնց արժէքներուն հանդէպ:  Անոնք անձնական մղում եւ տեսլական ունին հայ ազգի ապագային ուղղուած:

Լուսահոգի Ալէքս Մանուկեան երբ 1989-ին կը փոխանցէր նախագահութիւնը, իր խօսքին մէջ կը նշէր՝ «Երբ ես ստանձնեցի նախագահութիւնը (1953-ին), կ'ըսուէր թէ Բրիտանական Կայսրութեան վրայ արեւը մայր չի մտներ:  Կրնամ այսօր յայտարարել, թէ Բրիտանացիներուն համար ատիկա իրականութիւն չէ այլեւս: Սակայն այսօր իրապէս արեւը մայր չի մտներ Հ.Բ.Ը.Մ.ի կայսրութեան տարածքին:»

Այսօր, ես իմ կարգիս, հրաժեշտի խօսքով ելոյթ կ'ունենամ, որովհետեւ այս վերջին անգամն է որ իբր Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նախագահ կը վարեմ Ընդհանուր Ժողովի ատենապետութիւնը:  Հետեւաբար կ'ուզեմ ձեզի ներկայացնել Հ.Բ.Ը.Մ.ի այժմու կացութեան մասին իմ գնահատականս, աշխարհի ներկայ կացութեան եւ յատկապէս հայաշխարհի վրայ այդ իրադրութեան ունեցած ազդեցութիւններու  լոյսին տակ:

Անցնող վերջին 22 տարիներուն, մենք ականատես եղանք կարեւոր իրադարձութիւններու, որոնք իրենց ազդեցութիւնը ունեցան Սփիւռքի եւ Հայաստանի հայութեան վրայ եւ որոնց մենք հակազդեցինք համապատասխան միջոցառումներով: Ճարտարագիտութեան համաշխարհային արագ զարգացումները անկասկած ձեւաւորեցին  մեր գործելաոճը:  Այսօր մենք կրնանք գործել որպէս համաշխարհային կազմակերպութիւն՝ հասնելով համընդհանուր հայութեան, համացանցի եւ թուայնական հաղորդակցութեան միջոցներով:  Ես անշուշտ միշտ շեշտած եմ անձնական փոխ-յարաբերութեան գերազանցութիւնը:  Ընդհանուր Ժողովները եւ շրջանային հանդիպումները կարեւոր են մեր կապերը սերտ եւ սեղմ պահելու համար:

Ծանրագոյն իրադարձութիւնները որոնք անցնող երկու տարիներուն ցնցեցին հայութիւնը, 2023-ին Արցախի դեմ համակարգուած հետեւողական ներխուժումը եւ քանի մը օրերու ընթացքին ամբողջ 120,000 բնակչութեան բռնի տեղահանութիւնն էր դէպի Հայաստան, ինչ որ յանգեցաւ երկրէն ներս աննախադէպ մարդասիրական տագնապի:  Հ.Բ.Ը.Մ.ի ցուցաբերած աջակցութիւնը աղիտահար եւ ահաբեկուած արցախահայութեան, ոչ նուազ քան հերոսական կարելի է որակել:  Այս առթիւ առատաձեռն նուիրատուութիւններու հոսքը՝ ուղղուած Հ.Բ.Ը.Մ.ի Համաշխարհային մարդասիրական Օգնութեան Ֆոնտին, որ ստեղծուած էր յատկապէս տագնապներու ընդառաջ պատրաստ ըլլալու նպատակով, կարելի դարձուց օգնութեան արագ մատակարարումը:

Աղիտալի դէպքին յաջորդող մէկ տարուան ընթացքին, ներխուժողները բնաջնջեցին հայկական պատմական մշակութային յուշարձաններ, դարաւոր եկեղեցիներ, վանքեր եւ սրբավայրեր, ցեղային զտման ենթարկելով տեղւոյն իրավատէր բնիկ ժողովուրդը: 

Արցախը այն հողատարածքն էր, որ դարերով շարունակաբար բացարձակ մեծամասնութեամբ բնիկ Հայերով բնակեցուած էր: Շատ շատերու նախորդները, աւելի քան մեզմէ շատեր կը պատկերացնեն, սերած են այդ բնավայրէն:  

Սակայն եւ այնպէս, աշխարհի ուժեր, որոնք կարող էին արգիլել այս միջազգային ահռելի ոճիրը, անտարբեր մնացին: Մեզի համար 1915-ը կը կրկնուէր դար մը ետք: 

Ինչպէս արդէն գիտենք, Հայաստանի ազգաբնակչութիւնը նուազած է շուրջ մէկ երրորդով,   անկախութեան յաջորդող արտագաղթի յաջորդական ալիքներուն իբր արդիւնք: Ասիկա մտահոգիչ է, որովհետեւ սակաւ բնակչութեամբ երկիրը իր դրացիներուն մօտ  ոտնձգութեան տրամատրութիւններ կը գրգռէ: 

Այժմ հայկական պետութիւնը գոյութենական խնդիր մը կը դիմագրաւէ:  Ոչ մէկ հայ անտարբեր պէտք է մնայ պատճառաբանելով թէ տարածաշրջանի քաղաքական իրադրութիւնը բարդ է, հաւանական ելքերը անորոշ եւ ապագան աննախատեսելի:  Ընդհակառակը, յուսահատելու կամ յուսախաբութեան մատնուելու փոխարէն, Սփիւռքը պէտք է համախմբուի, վերականգնէ իր ուժերը, լիիրաւ կերպով աջակցելու համար իր հայրենիքին, որուն զօրակցութեան  Հ.Բ.Ը.Մ.ը յանձնառու եղած է իր գոյառման առաջին իսկ օրէն: 

Հ.Բ.Ը.Մ.ի մեր ղեկավարութիւնը թափով յառաջ կը տանի իր գործունէութիւնը հայրենիքին մէջ, ինչպէս մեր նախնիները ըրած են ատենին:  Անկախ թէ ինչպիսի պետական կառոյց կը տիրէ երկրէն ներս, Հ.Բ.Ը.Մ.ը պիտի շարունակէ իր ներդրումները, ապահովելու համար Հայաստանի ժողովուրդին բարօրութիւնը:

Ինչ կը վերաբերի Սփիւռքին ընդհանրապէս,  Միջին Արեւելքի երկիրներու մեր բնակչութեան թիւը շօշափելի կերպով նուազած է, մեծ մասամբ անոնց գաղթով դէպի Միացեալ Նահանգներ, յատկապէս Հարաւային Քալիֆորնիա, որ Արեւմտան Սփիւռքի մեծագոյն համայնքը կը կազմէ՝ իր բազմաթիւ դպրոցներով, կեդրոններով, եկեղեցիներով եւ գործօն ու աշխոյժ բնակչութեամբ: Շատեր որոնք ձգած են Հայաստանը, նոր համայնքներ հաստատած են հոն, ինչպէս նաեւ Եւրոպա, մասնաւորաբար Գերմանիա, Հոլանտա, Սպանիա եւ Արեւմտեան այլ քաղաքներ:  Գաղթի այս հոսանքները անկասկած ինքնութեան վերաբերեալ մշակութային նոր երանգներ կը ստեղծեն: Բայց եւ այնպէս, Հ.Բ.Ը.Մ.ը իր մասնաճիւղերուն միջոցաւ կը ներգրաւէ այս խմբաւորումները իր անդամակցութենէն ներս՝ իբր մեր համաշխարհային ընտանիքի հարազատ անդամներ: 

1977-ին, երբ ես միացայ Կեդրոնական Վարչական Ժողովին, Հայ աշխարհը տարբեր էր:  Հայաստան ապահովուած էր իր թշնամիներուն դէմ եւ ինչպէս Սփիւռքը, ան կ'ապրէր մշակութային զարթօնքի ժամանակաշրջան մը:  Աշխարհի տարածքին մեր համայնքները աշխոյժ եւ գործօն էին, Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ զայն ուրացողները հաշուետուութեան կանչելու իրենց պայքարին մէջ: 

Հայաստանի անկախութիւնը եւ ժողովրդագրական փոփոխութիւնները Սփիւռքի մէջ, փոխած են այդ բոլորը:  Մեր համայնքները, մինչ կը ներշաղուին տեղական տիրող մշակոյթին մէջ, անոնք ցուլման վտանգը կը դիմագրաւեն եւ կ'անջատուին իրենց հայկական ինքնութենէն:  Այսօր մենք ականատէս կ'ըլլանք հայերէն լեզուի գործածութեան աստիճանական նուազումին:  Աւելին՝ կրօնական աւանդութիւններու հետզհետէ տկարացումը առկայ է բոլոր Քրիստոնիայ համայնքներուն մօտ եւ հայ եկեղեցին զերծ չէ այդ երեւոյթէն:  Նոր սերունդը ընտրութիւնը ունի ընդունելու կամ մերժելու իր հայկական ինքնութիւնը: 

Հայ ազգը ներկայիս խաչմերուկի մը առջեւ կը գտնուի:  Ան գրեթէ հաւասարապէս բաժնուած է Հայրենիքի, Ռուսական եւ Արեւմտեան սփիւռքներու միջեւ:  Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի ազգային ինքնութեան իր յատուկ արտայայտութիւնը:  Ասիկա մեզ իրարմէ կը տարբերէ բայց եւ կը նոյնացնէ:  Մենք պէտք է զօրացնենք կամուրջները որպէսզի պահենք համընդհանուր ազգը: Ոչ պետութիւնը եւ ոչ ալ Սփիւռքը կրնան առանձինն ընել այդ:  Հ.Բ.Ը.Մ.ի ղեկավարութեան մէջ իմ գործօն  ներկայութեանս ամբողջ տեւողութեան, մենք փորձած ենք կամրջել այդ բացը մեր համաշխարհային ցանցին միջոցաւ: 

Ես կը խորհիմ որ մեր կազմակերպութիւնը փայլուն օրինակն է այն իրողութեան, թէ հակառակ մեր մշակութային երագներուն եւ ազգային տարբեր փորձառութիւններուն, միութիւնը տիրական է:  Ասիկայ յատկապէս կը դրսեւորուի աշխարհի մէջ որեւէ տեղ հայութիւնը հարուածող տագնապներու ընթացքին:  Երբ մենք կը տեսնենք թէ ինչպէս մեր մասնաճիւղերը, շրջանակները, տեղական կամաւորները եւ Երիտասարդ Արհեստավարժներու խումբերը միակամ կը շարժին օգնելու համար իրենց ազգակիցներուն, երեւոյթը խորապէս տպաւորիչ է:  Ես ձեզ կը վստահեցնեմ, թէ այս հոգածութիւնը, աջակցութիւնը եւ սրտակցութիւնը զայն ստացողներուն կողմէ մեծապէս կը գնահատուի: Այդ իմաստով է որ մենք կը յայտարարենք «Միութիւնը Զօրութիւն է»:

Հայ ինքնութիւնը կրկնակի փորձութիւններու ենթարկուած է եւ մարտահարաւէրներ դիմագրաւած: Արեւմտահայաստանի կորուստը 20-րդ դարուն:  Արցախի կորուստը 21-րդ դարուն:  Այսօր հայկական պետականութիւնը սպառնալիքի տակ է: 

Այն դժուարութիւնները որոնք կը դիմագրաւենք այսօր, յատուկ են փոքր ազգերու: Խնդիրը այն է սակայն, թէ ինչպէս կը նաւարկենք ընկերային այս ծովածաւալ փոփոխութիւններուն ընդմէջէն, որոնք քաղաքակրթութիւնը ինքնին՝ անորոշ ապագայի մը եզրին կը մղեն:  Աւելի քան երբէք, անհրաժեշտ է որ մեր տեսլապաշտները եւ երազողները մեզ առաջնորդեն այսօր: Մենք պէտք է նաեւ բացուինք աշխարհին, որովհետեւ չենք կրնար մեկուսացուած գոյատեւել: Պէտք է որ ամբողջապէս միաշաղուինք եւ մեր մասնակցութիւնը բերենք այն համայնքներուն մէջ ուր կ'ապրինք, առանց մոռնալու անոնք, որոնց ուսերուն կը կանգնինք մենք եւ այն դասերը զոր անոնք փոխանցած են մեզի:  Անոնց պատմութիւնները կը պարզեն կեանքի իրականութիւնը եւ կը քաջալերեն մեզ որպէսզի բնաւ չ'ընկրկինք: 

Այլ միաւորող ուժ մը որ տիեզերականօրէն անեղծ պահած է հայ մշակոյթը՝ Հայ Եկեղեցին է:  Անիկա այն միակ վայրն է ուր մեր արժէքները, աւանդութիւնները, պատմութիւնը, մեր հոգեւոր էութիւնը, սահմաննր կտրած են դարերու ընթացքին:

Հ.Բ.Ը.Մ.ը միշտ, իր հիմնադրութեան առաջին օրէն իսկ, սերտօրէն գործակցած է Հայ Եկեղեցիին հետ, ծրագիրներ իրականացնելու եւ զանգուածներուն հասնելու համար:

Հայ եկեղեցին է որ կը սնուցանէ հայ ոգին:  Ընկերայն, տնտեսական եւ քաղաքական վերիվայրումներու այս օրերուն, երբ ընտանեկան աւանդական արժէքները, գործարական բարոյականութիւնը եւ կրթուածութիւնը սպառնալիքի տակ են, մարդկութիւնը չափազանց կարիքը ունի մեր եկեղեցիի հոգեւոր ներշնչումին եւ քաջալերութեան, աշխարհի հետ փոխակերպող հոգեւոր առնչուածութեան համար:

Հետեւաբար մենք մեր Եկեղեցւոյ առաջնորդներէն կ'ակնկալենք, որ անոնք վերանորոգեն իրենց առաքելութիւնը, յայտնաբերելով եւ մշակելով տաղանդաւոր հոգեւոր առաքեալներ, հովուելու համար մեր համայնքները:  Մեր ապագայ հոգեւորականներու բարձրագոյն կրթութեան գործընթացը առաջնահերթ պէտք է ըլլայ:  Սերտօրէն եւ անհատապէս հաղորդակցելով մեր համայնքներուն հետ, Հայ Եկեղեցին պիտի մնայ մեր մշակութային ինքնութեան միջնաբերդը:   Այնպէս մը որ իւրաքանչիւր հայ անհատ որ կարիքը ունի միանալու հոգեւոր համայնքի մը, կամ պարզապէս իր հարցումներուն  պատասխաններ կը փնտռէ, կարենայ վստահիլ իր հօտի առաջնորդներու ուղղութեան եւ ուսուցումներուն: 

Ինչպէս մեր պատմութեան ընթացքին ցոյց տուած ենք, Հ.Բ.Ը.Մ.ը անուն մըն է որուն ծանօթ է եւ կը վստահի հայութիւնը աշխարհի տարածքին, որպէս կառոյց մը որ ճկուն է եւ յարմարող փոփոխութեան, պատրաստ դիմագրաւելու տագնապներ եւ բաց՝ առիթներու դիմաց, միշտ հաւատրիմ իր անժամանցելի արժէքներուն եւ առաքելութեան:

Խօսքս եզրափակելէ առաջ, կը փափաքիմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր այն Հայերուն, որոնք վստահած են ու թիկունք կանգնած այս եզակի կազմակերպութեան:  Մենք պիտի շարունակենք նորարար ծրագիրներ մշակել իմ յաջորդիս եւ բարեկամիս՝ Հ.Բ.Ը.Մ.ի ութերորդ Նախագահ Սէմ Սիմոնեանի առաջնորդութեամբ:  Ան գերազանցապէս որակեալ է եւ կարող՝ Հ.Բ.Ը.Մ.ը առաջնորդելու դէպի նոր հորիզոններ: 

Անցնող 22 տարիները որպէս ձեր նախագահը, ինծի համար կեանքի ճամբորդութիւն մը հանդիսացած են:  Երկար ճանապարհ մը՝ բազմաթիւ անկիւնադարձերով եւ վերիվայրումներով: Բայց եւ այնպէս, ձեզմէ իւրաքանչիւրին ինծի ընձեռած բարեկամութեան շնորհիւ, ես միշտ խանդավռութեամբ փարած եմ կազմակերպութեան յառաջընթացին:

Անիկա կոչում մը եղած է ծառայելու մեր աշխարհասփիւռ հայութեան առանց որեւէ ակնկալութեան, բացի յոյս ներշնչելու, կեանքեր բարեփոխելու, հզօրացնելու եւ յաջորդական սերունդներուն հայկական հպարտութիւն եւ կամք ներշնչելու պատճառած հոգեկան գոհունակութենէն:  Իմ բաղձանքս է որ ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր մէջ զգայ Հ.Բ.Ը.Մ.ի միջոցաւ դրական փոփոխութիւն իրականացնելու կոչումը: 

Կը փափաքիմ շնորհակալութիւն յայտնել ինծի գործակից Կեդրոնական Վարչական ժողովի ներկայ եւ անցեալ անդամներուն, մեր Շրջանակային Յանձնաժողովներու եւ մասնաճիւղերու ատենապետներուն, մեր պաշտօնէութեան, որոնք բծախնդրօրէն կը ծառայեն այս կազմակերպութեան, բարերարներուն եւ բարեկամներուն, մասնաւորաբար Վաչէ Մանուկեանին, իր անխախտ աջակցութեան համար:   

Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նաեւ Նորին Սուրբ Օծութիւն Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին:  Ան ինծի համար  ներշնչման աղբիւր հանդիսացած է միշտ:  Ան եղած է բարեկամ, զօրավիգ, խորհրդական եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի թունդ զօրակից եւ հաւատացող անոր առաքելութեան:  Ան մեր Եկեղեցիէն ներս հաստատած է առաջնորդութեան նոր չափանիշ՝ անկախութեան յաջորդող մեր ազգի ամենածանր ժամանակաշրջանին: 

Ի վերջոյ, կը փափաքիմ երախտագիտութիւնս յայտնել այս բացառիկ ճամբորդութեան ինծի ճամբորդակից իմ սիրելի Վերային: Ան կը մարմնաւորէ հայ կնոջ համբերութիւնը, իմաստութիւնը եւ հաստատուն դատողութիւնը:  Իր ազնուասրտութիւնը, ուրիշներու նկատմամբ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը եւ հաւատքը Հ.Բ.Ը.Մ.ի առաքելութեան հանդէպ, միշտ յառաջ մղած են զիս:  Խորապէս գոհ եմ նաեւ տեսնելով որ դուստրերս Անին եւ Վերան նոյնպէս կը հետեւին իր օրինակին: 

Աստուած օրհնէ ձեզ բոլորդ

Աստուած օրհնէ Հ.Բ.Ը.Մ.ը

Աստուած օրհնէ Հայ Ազգը եւ պահէ մեր հայրենիքը

 

Watch the address in the video below: