October 12, 2024
A- A+
read

Նախագահ Սէմ Սիմոնեանի Ելոյթը Հ.Բ.Ը.Մ.ի 93-րդ Ընդհանուր Ժողովին Որպէս Միութեան Ութերորդ Նախագահ Իր Նոր Դերի Ստանձնումին Առիթով

Նորին Սուրբ Օծութիւն Գարեգին Բ.  

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, 

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան  

Գործակից Անդամներ, 

Հոգաբարձական Յանձնաժողովի Անդամներ, 

Յարգելի Հիւրեր, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Անդամներ եւ Բարեկամներ, 

Շնորհակալութիւն 

Ես խորապէս պատուուած կը զգամ, գիտակցելով որ կը կանգնիմ ինծի նախորդող  Հ.Բ.Ը.Մ.ի պայծառ առաջնորդներու ուսերուն:  Անոնք իրենց նուիրումով, տեսիլքով եւ անխոնջ աշխատանքով, հաստատած են ապագայի հիմերը: Եւ որեմն, պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ, կ'ընդունիմ ջահը, որ անոնք փոխանցած են ինծի:  

Կը փափաքիմ սրտագին երախտագիտութիւնս յայտնել Պերճ Սեդրակեանին, որպէս Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նախագահ 22 տարիներու իր առաջնորդութեան համար:  Իր տեսիլքը եւ անխախտ նուիրումը իրենց խոր ազդեցութեամբ ձեւաւորած են մեր կազմակերպութիւնը, ճամբայ հարթելով աճումի եւ յաջողութեան:   

Վստահ եմ մեր բոլորին թարգմանը կը հանդիսանամ, երբ կ'արտայայտեմ մեր խոր երախտագիտութիւնը իր տիկնոջ Վերային հանդէպ:  Անոր անտեղիտալի զօրակցութիւնը եւ վարագոյրի ետին անոր ներդրումները, անգնահատելի եղած են Պերճին եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ին համար հաւասարապէս:   

1960-ական թուականներուն, հակառակ այն ծանր աղքատութեան եւ մարտահրաւէրներուն որոնք կը դիմագրաւէին, Լիբանանի հայ համայնքը ի մի եկաւ, հիմնելու համար դպրոցներ, որոնք պիտի պահէին մեր լեզուն, մշակոյթը եւ ինքնութիւնը:  Այս դպրոցները ոչ միայն ուսում ջամբեցին, այլեւ յոյս եւ միասնականութիւն ներշնչեցին, ապահովելով մեր ժառանգութեան ուռճացումը եւ անոր հետագայ սերունդներուն փոխանցումը, ամենածանր իսկ ժամանակներուն:  

Վերածնունդի այս բարիքները վայելողներէն մին հանդիսանալու բախտը վիճակուեցաւ ինծի:   Ես յաճախեցի Հ.Բ.Ը.Մ.ի վարժարանները, մաս կազմեցի Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.ի Անդրանիկ Ակումբի ոտնագնդակի խումբերուն, վայելեցի Ալեք Մանուկեան արդիական Կեդրոնի ընկերային մթնոլորտը եւ նոյնիսկ մեր օրացոյցները ծախեցի դուռէ դուռ:  

Այս փորձառութիւններուն շնորհիւ, ես սորվեցայ գնահատել այն արժէքները, որոնք դաւանած է Հ.Բ.Ը.Մ.ը աւելի քան դար մը շարունակ:  

Որպէս ոչ-քաղաքական կազմակերպութիւն, Հ.Բ.Ը.Մ.ը նուիրուած է միմիայն համընդհանուր հայ համայնքի յառաջդիմութեան:  Մեր մտասեւեռումը կը մնայ բարօրութիւն ապահովել Հայաստանի մէջ եւ պահպանել մեր դիմագիծը Սփիւռքի մէջ, առանց ընթացք տալու որեւէ քաղաքական կուսակցութեան հետապնդած նպատակներուն:  

Մենք կը յարգենք ազգային մեր բոլոր կառոյցները, ըլլան անոնք կրօնական, մշակութային թէ կրթական:  Անկողմնակալութեան մեր յարումը, կ'օգնէ որ մենք ծառայենք հայութեան բոլոր շրջանակներուն անխտիր, զանոնք համախմբելով մեր հասարակաց արժէքներուն եւ նպատակներուն շուրջ, ազատ բաժանարար ազդեցութիւններէ, որոնք կրնան յառաջ գալ քաղաքական պատկանելութիւններու պատճառով:  

Մինչ մենք կը գնահատենք մեր անցեալի ձեռքբերումները եւ յառաջդիմութիւնները, անհարժեշտ է չփարիլ կամ կառչած չմնալ ժամանակավրէպ գործելակերպերու:  Ասիկա համացանցի, ճարտարագիտութեան եւ արուեստական բանականութեան դարն է:  Երիտասարդութիւնը դաստիարակելու եւ գործի մղելու մեր մօտեցումները պէտք է մշակուին եւ առաւելագոյնս օգտուին փոխակերպող այս յառաջընթացներէն:  

Այսօր բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւենք մենք, որոնք կը պահանջեն մեր հաւաքական ճիգերը:  Այս դժուարութիւնները յաղթահարելու համար, մենք միասնական ապագայի տեսիլք եւ ձգտումներ պէտք է հետապնդենք:  Այսպիսի տեսլականներու իրագործումը, կը պահանջէ որ մեր կազմակերպութիւնները ներդաշնակօրէն եւ միասնաբար գործեն, համադրելով իրենց միջոցները եւ հմտութիւնները, փոխանակ մրցակցելու իրարու դէմ:   Երբ կը համագործակցինք, մենք կը զօրացնենք մեր համընդհանուր համայնքը, կը բազմապատկենք մեր ազդեցութիւնը եւ ամենուրէք կ'ապահովենք  հայութեան մնայուն յաջողութիւնը եւ դիմադրականութիւնը:  

Յաջորդ տարի կը ծրագրեմ Սիլվային ընկերակցութեամբ  այցելել Հ.Բ.Ը.Մ.ի մեր բոլոր մասնաճիւղերը եւ տեղական այն շրջանակները որոնց կը ծառայեն անոնք:  Սիլվային անխախտ աջակցութիւնը իմ դժուար աշխատանքներուս, ոչ միայն օգտակար է ինծի համար, այլեւ անհրաժեշտ:  Միասնաբար, մեր նպատակն է զօրաւոր կապեր եւ յարաբերութիւններ մշակել մեր ղեկավարութեան եւ համայնքներւն հետ:  

Բարձր տրամադրուած եմ նաեւ սերտօրէն գործելու մեր Կեդրոնական Վարչական ժողովի եւ Հոգաբարձական Խորհուրդի անդամներուն հետ:  

Մեծապէս շնորհակալ եմ ինծի հանդէպ ցուցաբերած ձեր սիրոյն եւ աջակցութեան համար, որպէս Միութեան ութերորդ Նախագահ այս նոր դերի ստանձնումիս առիթով:  

Երանի ծնողքս ներկայ ըլլային հոս այս իրիկուն:  Իմ հօրս մշտապէս դրական աշխարհայեացքը, մօրս համբերատարութիւնը եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի եւ հայութեան նկատմամբ անոնց բաժնած սէրը, կազմաւորած են իմ այսօրուան անձնս:  

Այդ նոյն լաւատեսութեան ոգիով, ես խանդավառ եմ ծառայելու Հ.Բ.Ը.Մ.ի առաքելութեան, նոյն վճռակամութեամբ եւ յաջողութեան կարելիութիւններու ոգիով, որոնք մինչեւ այս պահը առաջնորդած են զիս եւ որոնք օրէ օր պիտի ներշնչեն զիս, միասնաբար դէպի յառաջ մեր ընթացքին մէջ:  

Շնորհակալութիւն

 

Watch the speech in the video below: