Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, իրենց պապենական հողերէն բռնահանուած Արցախահայերուն ուղղուած իր մարդասիրական ծառայութիւններու ծիրէն ներս, բժշկական աջակցութիւն կ'ապահովէ առողջապահական խնդիրներ ունեցող ընտանիքներու եւ անհատներու: Այս ուղղութեամբ նշանակելի է Քլոտիա Նազարեան Դարմանատան գործունէութիւնը: Կեդրոնը հիմնուած էր 2017-ին, բժշկական պատրաստութիւն ունեցող սուրիահայ մասնագէտներու մասնակցութեամբ օժանդակելու համար սուրիահայ ապաստանեալներու: Նոյն ոգիով, դարմանատունը ներկայիս պաշտօնի կոչած է արցախահայ մասնագէտներ, որոնց առկայութիւնը հարազատութեան զգացում եւ վստահութիւն կը ներշնչէ դարմանուողներուն: Կեդրոնը օժտուած է յաւելեալ սարքաւորումերով եւ կը գործէ երկարացուած ժամանակացոյցով:
Դարմանատունը սկսաւ գործել 2024-ի Յունուարին, բժշկական անվճար ծառայութիւններ ապահովելով՝ սրտաբանական, գլխու, տեսողութեան, կանանց առողջապահութեան եւ մանկաբուժական հարցերու վերաբերեալ, նաեւ հոգեբանական խնդիրներ ունեցող մանուկներու եւ տարեցներու համար: Կեդրոնը կրնայ հոգալ տարեկան աւելի քան 8,000 անձերու բժշկական կարիքները: Ընթացիկ տարուան Յուլիսի տուեալներով, 2,870 դիմորդներէն 1,200-ը՝ Արցախահայեր եղած են:
Ըստ Հ.Բ.Ը.Մ.ի Հայաստանի Գործադիր Տնօրէն Մարինա Մխիթարանին՝ «Մեր նպատակն էր հարազատ շրջապատ եւ մթնոլորտ ապահովել արցախահայ մեր հայրենակիցներուն համար, որպէսզի օգնենք անոնց հոգեկան եւ ֆիզիքական առողջացման: Բնական է որ երբ ծառայութիւնները կ'ապահովուին նոյն լեզուով հաղորդակցող եւ նոյն տագնապները եւ անցնող երեք տարիներուն Արցախի դիմագրաւած նոյն ծանրագոյն դժուարութիւնները ապրած անձերու միջոցաւ, անոնք կրնան յաւելեալ վստահութիւն եւ ապահովութեան զգացում ներշնչել դիմորդներուն: Համոզուած ենք, որ Հայաստանի մէջ համայնքային ջերմ մթնոլորտի եւ որակաւոր ծառայութիւններու ապահովումը, լաագոյնս կ'օժանդակեն ապաստանեալ ընտանիքներու հոգեֆիզիքական արագ ապաքինումին եւ անոնց բնականոն կեանքի վերականգնումին:»
Դարմանատան գործունէութեան առաջին իսկ օրէն, հոգեբանական խնդիրներ ունեցող մանուկները ստացած են համապատասխան անհրաժեշտ օգնութիւն: Լիլիթ Շահրամանեանի վկայութեամբ, բազմաթիւ մանուկներ օգտուած են այդ դարմանումներէն եւ անոնցմէ շատեր այլեւս կարիքը չունին օգնութեան: Լիլիթ Շահրամանեան Հ.Բ.Ը.Մ.ի Քլոտիա Նազարեան Դարմանատան ծառայութիւններու Կապի Տնօրէնն է, ինք եւս Արցախէն տեղահանեալ: Պատերազմի հետեւանքով մանուկներու հոգեբանական կարիքներու աջակցութեան առընթեր, յատուկ դասընթացքներ կը կազմակերպուին ծնողներու համար, որպէսզի անոնք կարենան օգտակար ըլլալ իրենց զաւակներուն: Այս աշխատանքներու յաջողութիւնը ապահովելու համար, արցախահայ հոգեբան մը եւ հիւանդապահուհի մը պաշտօնի կոչուած են, որպէսզի աւելի սերտ հաղորդակցութիւն ստեղծուի մասնագէտի եւ դարմանուողի միջեւ:
Դարմանումի կարիք ունեցող տարեցներ առաւելաբար կը դիմէն աչքերու վերաբերեալ հարցերով, ինչպէս նաեւ սրտաբանական խնդիրներով: Ըստ Լիլիթ Շահրամանեանի, «Դիմորդներ գլխաւորաբար աչքերու դարմանումի, արեան գերճնշումի եւ շաքարախտի հարցերով կը ներկայանան դարմանատուն, նաեւ վերջին երկու անհանգտութիւններուն վերաբերեալ անվճար դեղեր ստանալու համար: Երրորդ ամենաշատ թիւով դիմորդներ կը ներկայանան հոգեբանական աջակցութեան համար: Միայն Յունիս ամսուան ընթացքին, ունեցած ենք 47 դիմորդներ, որոնցմէ 35-ը մանուկներ էին:»
Լիլիթ Շահրամանեան կը նշէ, թէ նախ քան 2020-ի արցախեան պատերազմը եւ 2023-ի բռնահանումը, հիւանդներ կը ներկայանային սրտաբանական որոշ անհանգստութիւններով, մինչ ուրիշներ ախտանշաններ յայտնաբերած են յատկապէս բռնահանումէն ետք: «Յաճախ կը պատահի որ դիմորդներ կը ներկայանան մեզի սրտաբանական եւ ներքին անհանգստութիւններու վերաբերեալ գանգատներով եւ որոնք ի վերջոյ կը յանգին հոգեբանական աջակցութեան կարիքներու: Ասիկա արդիւնք է անշուշտ այն ծանրագոյն ճնշումնրուն որոնց Արցախահայութիւնը ենթարկուեցաւ յատկապէս անցնող երեք տարիներուն:»
Որպէսզի դարմանատունը կարենայ աւելի լաւ եւ բազմակողմանի ծառայութիւններ ապահովել դարմանումի համար իրեն դիմողներուն, Հ.Բ.Ը.Մ.ը կը ծրագրէ զայն օժտել անհրաժեշտ նոր կազմածներով, ժամանակի ընթացքին պակասները լրացնելու, նաեւ խնայելու համար դարմանումի կարիք ունեցողներուն, ախտաճանաչումի եւ դարմանումներու կապակցութեամբ այլ կեդրոններ դիմելու յաւելեալ ճիգը եւ ժամանակը:
Յաւելեալ ծանօթութիւններու համար եւ Հ.Բ.Ը.Մ.ի համաշխարհային Օգնութեան Ֆոնտին նուիրատուութիւններու համար, ինչպէս Հ.Բ.Ը.Մ.ի Քլոտիա Նազարեան Դարմանատան, հաճեցէք գործածել հետեւեալ կապը https://agbu.org/global-relief.