September 19, 2023
A- A+
read

Հ.Բ.Ը.Մ.ը Կոչ Կ'ուղղէ Աշխարհի Առաջնորդներուն եւ Լրատուուական Միջոցներուն, Բացայայտելու՝ Այն Անճիշդ Պատճառաբանութիւնները, Զորոնք Ազրպէյճանը Կ'օգտագործէ Հայերու Ցեղային Զտման իր Գործընթացը Քօղարկելու համար

Մինչ պետութեանց ղեկավարներ եւ միջազգային լրագրողներ կեդրոնացած էին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան տարեկան համագումարին վրայ Նիւ Եորքի մէջ, Ազրպէյճան ի գործ դրաւ Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը իր բնիկ հողատարածքէն բռնի տեղահանելու ծրագրին յաջորդ հանգրուանը, լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններու ձեռնարկելով հայկական պաշտպանական գօտիի անբողջ երկայնքին:  Ան նաեւ յայտարարեց, թէ ապահով անցք կը տրամադրէր քաղաքացիական հանրութեան, գանոնք հեռու պահելու համար զինուրական գործողութիւններու պատճառով վտանգուած շրջաններէն:

Այս իբրեւ թէ մարդասիրական արարքը բացայայտ կեղծիք է, որ չի համապատասխաներ իրականութեան: Բայց եւ այնպէս միջազգային լրատուական միջոցները կը տարածեն զայն, առանց անդրադառնալու իրողութիւններուն:  Միջազգային հանրութեան կողմէ Իրականութիւնը իր ամբողջութեամբ ընկալելու այս չկամութիւնը, կը քաջալերէ Ազրպէյճանը, որ անարգել ամբողջացնէ տարածաշրջանէն հայկական կեանքը, մշակոյթը եւ պատմութիւնը ամբողջովին սրբելու իր որդեգրած գործընթացը:

Յառաջ քշելով այն սուտ պատճառաբանութիւնը թէ հայկական պաշտպանական ուժերը սահմանին  ականներ զետեղելով պատճառ եղած էին Ազպէյճանցի զինուորներու մահուան, եւ թէ Ազրպէյճանական զինուորական գործողութիւնները անոր հետեւանքն են, անգամ մը եւս Ազրպէյճանը անվաւէր պնդումներով կ'արդարացնէ իր թշնամական արարքները եւ Միջազգային հանրութիւնը եւ համաշխարհային լրատուամիջոցները կը շարունակեն կրաւորական կեցուածք ցուցաբերել, տարածելով այդ յայտարարութիւնները առանց ստուգելու անոնց վաւերականութիւնը:

Այս իբրեւ թէ հաւասարակշիռ կեղծ ռազմավարութիւնը, քաջալերած է Ազրպէյճանը ոտնակոխելու նոյն ինքն Մ.Ա.Կ.ի կողմէ որդեգրուած օրէնքները եւ յայտարարութիւնները, որոնք ի սկզբանէ կ'անխարգիլեն ցեղային զտումն ու ցեղասպանութիւնը: 

Ինքնին, Ազրպէյճանի զինուորական լկտի գործողութիւնները եւ բռնի տեղահանութեան մղող բռնարարքները համաշխարհային համայնքին ուղղուած լիրբ մարտահրաւէր մըն են, մանաւանդ Մ.Ա.Կ. ի  տարեկան ընդհանուր ժողովի այս շաբթուան ընթացքին:  Այդպիսով ան նաեւ անամօթաբար յղում կը կատարէ աշխարհին, թէ ինք կարող է գործել միջազգային համայնքի օրինականութենէն անկախ, պարզապէս այն պատճառով, որ ոչ ոք տրամադիր է ստուգելու իր յայտարարութիւններու վաւերականութիւնը, եւ բացայայտելու այս յարձակումը իր իրաւ ցեղասպանական միտումներով, որոնք մերժուած են եւ դատապարտուած, մարդու իրաւունքներու  կազմակերպութիւններու եւ մասնագէտներու կողմէ, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ այլ կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ:

Ազրպէյճանի կողմէ տասնամեակներ շարունակ հայերու նկատմամբ գործադրուած մարդկութեան դէմ ոճիր-ներու, ինչպէս նաեւ վերջին 2020-ի պատերազմի ընթացքին եւ անոր յաջորդող շրջանին կատարուած բռնարարքներու լոյսին տակ, աշխարհի առաջնորդներ եւ լրատուական համակարգը, պէտք է այլեւս լրջօրէն եւ լիովին յետաքննութեան ենթարկեն Ազրպէյճանի յօրինած արդարացումները եւ դադրին «անկողմնակալ»  յայտարարութիւններ կատարելէ: Պէտք է պարզապէս անդրադառնան, թէ հայեր յստակօրէն զոհի իրավիճակին մատնուած են:

Հ.Բ.Ը.Մ.ը համոզուած է որ ժամանակն է վերջ տալու այս վերապահ քաղաքականութեան որ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի «երկու կողմերու» ուղղուած պատասխանատուութեան յորդորներով կ'անդրադառնայ Լեռնային Ղարաբաղի վատթարացող իրավիճակին:  Աշխարհի մեծագոյն բարեսիրական կազմակերպութեան Հ.Բ.Ը.Մ.ի Նախագահ Պերճ Սեդրակեանի խօսքերով՝ «Մինչ Արցախահայութիւնը իր պապենական հողերէն արտաքսման եզրին կը գտնուի, համաշխարհային համայնքը ձախողած է տագնապը իր իսկութեամբ սահմանելու պատասխանատուութեան մէջ:»

Իր խօսքերով կրկին՝ «Բազմաթիւ արձանագրուած փաստաթուղթեր կան, որոնք ցոյց կու տան որ Լեռնային Ղարաբաղի հայերը ոչ մէկ ատեն ֆիզիքական թշնամական արարք կատարած են Ազրպէյճանի դէմ, ընդհակառակը, միշտ նախընտրած են օրինական լուծումներ գտնել որպէսզի պահպանեն իրենց ինքնավար քաղաքական միաւորի իրաւունքները:  Միայն այն ժամանակ երբ Ազրպէյճան որոշեց բռնութեամբ արգելք հանդիսանալ արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքին հասնելու ձգտումին, հայեր փորձեցին իրենք զիրենք պաշտպանել զինուորական ուժով:  Ակնյայտ է թէ Ազրպէյճան չի հաւատար որ շրջափակուած, ճնշուած եւ խտրականութեան ենթարկուած ժողովուրդ մը իրաւունք ունի ոտքի կանգնելու եւ պայքարելու իր գոյութեան համար:»

Ազրպէյճանը միշտ նախայարձակ եւ բռնարարքներ իրականացնող եղած է, ի գործ դնելով մահացու եւ ոճրային ռազմավարութիւն, ինչպիսին էր ինը ամիսներ շարունակ լեռնային Ղարաբաղը տնտեսական շրջափակման ենթարկելու իր նախաձեռնութիւնը, քիմիական զէնքերու գործածութիւնը, ռազմագերիներու չարչարանքներու ենթարկումը, հայկական եկեղեցիներու եւ քրիստոնէական սուրբ իրերու սրբապղծումը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական բնակավայրերու ռմբակուծումը:  Այս բոլորը պէտք է հաշուի առնել, ներկայ տագնապին շուրջ լրատուութիւն կատարելու պարագային:

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եւ լրատուական յարաբերութիւններու մասնագէտ Արտա Յարութիւնեանի խօսքերով՝ «դէպքերու ամբողջական պատկերացումը, շօշափելի փաստերը եւ դիտորդական առաքելութիւն իրականացնող անձերու անկողմնակալ զեկոյցները, ճշմարտութիւնը յայտնաբերելու եւ արդարութեան հասնելու միակ ուղին են:  Աշխարհը կը պարտի այդ հայութեան,  որ երկար ատեն ծանրօրէն տուժած է կեղծ հաւասարութիւններու եւ թերի զեկոյցներու պատճառով:  Երբ հետեւանքը խաղաղ եւ ժողովրդավարութեան փարած ժողովուրդի մը կործանումն է եւ անմեղ կեանքերու կորուստը, ներառեալ մանուկներ, ամբողջական եւ ճշգրիտ լրատուութիւնը կենսկան կարեւորութիւն կը ներկայացնէ:»